Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները ուրբաթ օր միասին մեկնած են Սուրիա՝ հանդիպելու երկրի նոր իշխանութիւններու հետ: Այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ ԱԳ նախարար Անալենա Պերպոքը։
«Այսօր իմ ուղեւորութիւնը ֆրանսացի գործընկերոջս հետ միասին ԵՄ-ի անունով յստակ ազդանշան է սուրիացիներուն․ նոր քաղաքական յղման կէտ Եւրոպայի եւ Սուրիոյ համար, Գերմանիոյ եւ Սուրիոյ համար՝ հնարաւոր է», - մեկնաբանած է Պերպոքը: