image

«Ժայշ ալ իսլամ»ի առաջնորդը տակաւին Տումա կը գտնուի

«Ժայշ ալ իսլամ»ի առաջնորդը տակաւին  Տումա կը  գտնուի

Հակառակ որ «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի անդամներու մեծ մասը Տումայէն դէպի Ժարապլուս հեռացան, սակայն որոշ աղբիւրներ կը նշեն, որ     խմբաւորման   առաջնորդ Մոհամմատ Ալլուշը դեռ Տումա կը գտնուի: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Ալլուշի տրամադրութեան տակ կը գտնուի 65000 զինեալ:

Կը նշուի նաեւ, որ ան կը գտնուի Հարասթայէն Տումա երկարող գետնուղիին մէջ եւ հակառակ ռուս սպայի հետ կատարած համաձայնութեան, Տումայէն դուրս չի գար: