image

Զահլէի պայթումին սուրիացի մը զոհուած է

Զահլէի պայթումին սուրիացի մը զոհուած է

Զահլէ-(«Ալ-Ժումհուրիա»- Պէյրութ)-Զահլէի մէջ Քսարա հրապարակի վրայ գտնուող ծանօթ «Կալէրի Իսթիքպալ» խանութի մօտ պայթում տեղի ունեցած է: Կարմիր Խաչի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, պայթումի արդիւնքով մահացած է սուրիացի աղջիկ մը եւ վիրաւորուած՝ 10 անձեր:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ Կարմիր Խաչի անդամները վիրաւորներուն տեղափոխած են «Թալշիհա» եւ «Լիբանանեան ֆրանսաան» հիւանդանոց: Դատաւոր Սաքր Սաքր ռազմական ոստիկանութենէն պահանջած է հետաքննութիւն սկսիլ Քսարա-Զահլէի պայթումին շուրջ:

Հետաքննութիւնները պարզած են, որ պայթուցիկ սարքը տեղադրուած է Քսարայի մօտ գտնուող ծաղկատաշտի մէջ , որ  նախնական գնահատանքով կշռած է շուրջ հինգ քկ: