Զահլէ-(«Ալ-Ժումհուրիա»- Պէյրութ)-Զահլէի մէջ Քսարա հրապարակի վրայ գտնուող ծանօթ «Կալէրի Իսթիքպալ» խանութի մօտ պայթում տեղի ունեցած է: Կարմիր Խաչի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, պայթումի արդիւնքով մահացած է սուրիացի աղջիկ մը եւ վիրաւորուած՝ 10 անձեր:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ Կարմիր Խաչի անդամները վիրաւորներուն տեղափոխած են «Թալշիհա» եւ «Լիբանանեան ֆրանսաան» հիւանդանոց: Դատաւոր Սաքր Սաքր ռազմական ոստիկանութենէն պահանջած է հետաքննութիւն սկսիլ Քսարա-Զահլէի պայթումին շուրջ:
Հետաքննութիւնները պարզած են, որ պայթուցիկ սարքը տեղադրուած է Քսարայի մօտ գտնուող ծաղկատաշտի մէջ , որ նախնական գնահատանքով կշռած է շուրջ հինգ քկ: