image

Ըստ Տոնալտ Թրամփի «ՆԱԹՕ-ն Հինցած Է»

Ըստ Տոնալտ Թրամփի «ՆԱԹՕ-ն  Հինցած Է»

Ամերիկա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան պաշտօնին յառաջատար թեկնածու` հանրապետական Տոնալտ Թրամփ, հինգշաբթի օր, դարձեալ յարձակած է «ՆԱԹՕ»ի վրայ, զայն համարելով «հինցած», եւ ըսելով, որ Միացեալ Նահանգները շատ դրամ կը տրամադրէ անոր: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ Թրամփ այս մասին արտայայտուելով «Twitter»ի էջին, գրած է. « ՆԱԹՕ-ն հինցած է, պէտք է փոխել զայն, որպէսզի աւելի կեդրոնանանք ահաբեկչութեան եւ այլ հարցերու վրայ, որոնք այսօր ուշադրութեան կենդրոնն են», աւելցնելով, որ «Մենք ՆԱԹՕ-ին անհամաչափ մասնաբաժին կը վճարենք, ինչո՞ւ այդպէս պիտի ըլլայ, ժամանակն է, որ վերանայինք այդ հարցին»:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Թրամփ ՆԱԹՕ-ի մասին անդրադարձած էր նաեւ երկուշաբթի «Washington Post» -ին տուած հարցազրոյցին մէջ, ուր ըսած էր.« ՆԱԹՕ-ն լաւ է, բայց ես երբ կը նայիմ Ուքրանիոյ իրավիճակին, կը տեսնեմ, որ Ուքրանիան մեր վրայ շատ աւելի քիչ կ'ազդէ, քան Աթլանթեան միւս՝ երկիրներուն, սակայն մենք ենք աշխատանքի մեծ մասը կատարողը, եւ ինք ոչինչ կ'ընէ: Ինչու օրինակ Գերմանիան չզբաղուիր ՆԱԹՕ-ով՝ կապուած Ուքրանիոյ հարցին»:

«Հայաթ» նաեւ կը նշէ, որ նախագահութեան պաշտօնին յառաջատար միւս թեկնածուն՝ դեմոկրատական Հիլըրի Քլինթընը, երէկ «Սթենֆորտի համալսարան»ին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին կտրուկ կերպով պատասխանած է Թրամփի այս յայտարարութիւններուն, ըսելով, որ «ՆԱԹՕ-ն Ամերիկայի ամենալաւ ներդրումներէն մէկն է, որպէս ամբողջութիւն. Եթէ մենք կռնակ դարձնենք մեր դաշինքներուն, վտանգաւոր նամակ ուղարկած պիտի ըլլանք ե՛ւ մեր ընկերներուն ե՛ւ մեր թշնամիներուն հաւասարապէս: Փութինը կը փափաքի բաժնել Եւրոպան: Եթէ ​​Թրամփը յաջողի իր ձգտումին մէջ, ապա ան Քրեմլինին տօնակատարութեան առիթ պիտի տայ»: