image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմադիր շրջանակներ կը փորձեն Հալէպը խաղաքարտ դարձնել.Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան

Ընդդիմադիր շրջանակներ կը փորձեն Հալէպը  խաղաքարտ  դարձնել.Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան

«Իրականութեան մէջ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ժողովի ոչ բարունակ ընթացքն է, որ Հալէպը գրաւի մէջ դրաւ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան: Վերապատուելին նաեւ ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութեան տակ եղող ընդդիմադիր ուժերը, ինչպէս նաեւ արտաքին այլ ընդդիմադիր ուժեր որոշած են հեռանալ Ժընեւի բանկցութիւններէն  եւ այդ մէկը իր արագ անդրադարձը  ունեցաւ  Հալէպի մէջ զինուրական գործողութիւններու սաստկացումով: Վերապատուելիին կարծիքով զինուորական գործողութիւնները խորքին մէջ ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ տարբեր ուղղութիւններով տրուած պատգամներ են եւ այդ կերպ իրենք կը փորձեն որոշ քաղաքական միաւորներ կուտակել: Վերապատուելին նաեւ նշեց, որ այսօրուան դրութեամբ,   անցնող  օրերուն տեղի ունեցած ծանր հրթիռարձակման հետեւանքով  ինկած են  տասնեակ զոհեր, որոնց մէջ կան նաեւ երկու հայորդիներ: Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան  նոյնպէս դիտել տուաւ, թէ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւնները կը հետապնդեն քաղաքական նպատակներ, եւ այդ կերպ ընդդիմադիր որոշ շրջանակներ կը փորձեն  քաղաքական խաղաքարտի վերածել Հալէպի ընդհանուր դրութիւնը եւ այդպիսով ճնշել Հալէպի  ժողովուրդը: Ան  դիտել տուաւ, որ այսօրուան դրութեամբ վերջին օրերուն ստեղծուած եւ Հալէպի շուրջ եղած ապահովական գօտիի անդորրը խախտուած է, եւ  եղած զարգացումները լաւագոյն ապացոյցն են այս տուեալին:

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ հաղորդած էր, թէ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած ծանր հրթիռարձակումներու հետեւանքով զոհուած են շուրջ 17 անձեր, որոնց մէջ կան կին մը եւ երեք երեխաներ, զոհերուն մէջ կան նաեւ  երկու հայորդիներ՝ Ճորճ Թաշճեան եւ Աւետիս Թորոսեան: