Թեհրանը կ՚ուսումնասիրէ Ամերիկայի արձագանգը՝ պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ իր վերջին առաջարկին։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանական «Միզան» լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Բաղայիին։
Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին՝ այս փուլին միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւններ չեն կատարուիր։ Իրանի միջուկային ծրագիրն ու հարստացուած ուրանը Ամերիկայի հետ լարուածութեան առանցքային թեմաներէն են, սակայն Թեհրանը կը նախընտրէ անոնց անդրադառնալ աւելի ուշ։
Իրանի պետական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Թեհրանը կ՚առաջարկէ, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները չեղարկուին, Ուաշինկթընը դուրս բերէ իր ուժերը Իրանի սահմաններուն մօտ գտնուող շրջաններէն, դադրեցնէ իրանական նաւահանգիստներու ծովային շրջափակումը, եւ բոլոր ռազմական գործողութիւնները աւարտին, ներառեալ՝ Իսրայէլի գործողութիւնները Լիբանանի մէջ։ Առաջարկով նաեւ կ՚ըլլայ, որ երկու երկիրները համաձայնութեան հասնին 30 օրուան ընթացքին։ Նշուած է, որ իրանական կողմը նպատակ ունի դադրեցնելու պատերազմը, ոչ թէ երկարաձգելու ներկայիս հրադադարը։
Մայիս 2-ին Թրամփ յայտարարած էր, որ կ՚ուսումնասիրէ Թեհրանի առաջարկը, բայց կասկած յայտնած էր, որ այն պիտի յանգեցնէ համաձայնագրի։
Իր կարգին, իսրայէլական KAN հեռուստակայանի լրագրող Նաթան Կութման յայտարարած է, որ Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփը իր հետ կարճատեւ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ իրանական նոր ծրագիրը «անընդունելի է»։
«Ան ինծի համար ընդունելի չէ։ Ես զայն ուսումնասիրած եմ, ես ամէն բան ուսումնասիրած եմ․ այն անընդունելի է»,- Թրամփի խօսքերը մէջբերած է լրագրողը X-ի իր էջին վրայ։
Թրամփ լրագրողի հետ զրոյցին ընթացքին նաեւ նշած է, որ Իսրայէլը «բախտաւոր եղած է», որ ինքն է Ամերիկայի նախագահը։
«Եթէ ես չըլլայի, դուք գոյութիւն չէիք ունենար»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլը գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ ինք եւ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն չըլլային։