image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի մէջ երկու հայ վարորդ ծեծի ենթարկուած են

Վրաստանի  մէջ  երկու հայ  վարորդ ծեծի  ենթարկուած են

Ռուս-վրացական սահմանային անցկէտին մօտ գտնուող Ստեփանծմինդա գիւղի մօտակայքը, անյայտ անձինք վիճած են ցորեն փոխադրող ՀՀ քաղաքացի երկու վարորդնեու հետ ապա հարուածած անոնց եւ վնասած իրենց բեռնատարերը: Այս մասին յայտնած է Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերուելէ ետք վարորդներէն մէկուն, որ ունեցած էր ձեռքի կոտրուածք, փոխադրած են Հայսատան, ինչպէս նաեւ իր վարած բեռնատարը: Իսկ միւս վարորդը դէպքէն ետք անձամբ վարելով բեռնատարը անցած է վրաց-հայկական սահմանը:

Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը վերոյիշեալ միջադէպի առնչութեամբ, կապ հաստատած է վրաստանի իրաւապահ մարմիններու եւ ԱԳՆ հետ, որոնք հաւաստիացուցած են, որ արարքին պիտի տան իրաւական գնահատական եւ մեղաւորները պիտի պատժուին»: