Թուրքիոյ իշխանութիւնները ձերբակալած են Սուրիայէն Թուրքիա հասած, ֆրանսահպատակ, ծագումով հայ անձ մը, որ ղեկավար պաշտօն կը վարէր «Ժապհաթ Ալ-Նուսրա» խմբաւորման մէջ: Այս մասին տեղեկացնող «Միլլիյէթ» թերթը, մանրամասնելով, կը նշէ, որ Արթուր Ալոյեան անունը կրող հայը կը տիրապետէ վեց լեզուներու: Ան կասկած յարուցելու պատճառով ձերբակալուած էր ոստիկաններու կողմէ , ուր պարզուած էր, որ անոր արգիլուած է Թուրքիա մտնել ՝ անոր անունը ահաբեկիչնեու ցուցակին մէջ ըլլալու պատճառով: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ խուզարկման արդիւնքով, անոր մօտ գտնուած է զինուորական տարազով նկար, յարձակման եւ պաշտպանութեան գիծերով գծուած քարտէզներ, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ եւ քիմիական նիւթերու նկարներ, որոնք կ'օգտագործուին ռազմական նպատակներով: Դատախազը այս հարցով ձերբակալման որոշում հրապարակած է՝ «Ժապհաթ Ալ-Նուսրա» ահաբեկչական անդամակցութեան մեղադրանքով: Ալոյանի իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ ինք 2002-ին մեկնած է Ֆրանսա՝ քաղաքացիութիւն ստանալու նպատակով. 2012-ին ան որոշած է իսլամը ընդունիլ եւ այնուհետեւ ՝2015-ին որոշած է մասնակցիլ Սուրիոյ պատերազմի: Ալոյեան աւելի ուշ անցած է Թուրքիոյ Էտիրնէ քաղաքը եւ հոնկէ հասած Սուրիա, ուր անդամակցած է «Ժապհաթ Ալ-Նուսրա»ին ու մասնակցած Հալէպի շուրջ ընթացող մարտերուն: Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած Ալոյեան ծանրօրէն վիրաւորուած է Հալէպի մէջ ու այդ պատճառով ստիպուած եղած է մարտադաշտէն հեռանալ: Նշենք, որ «Միլլիյէթ» թերթին կողմէ հրապարակուած լուրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ ՀՀ քաղաքացի Ալոյեան անդամ է Հայաստանի Եզիտիական համայնքին: