«Արեւելք» տխուր լուր մը ստացաւ Նիւ Ճըրզի՝ ԱՄՆ-էն:
Մահացած է «Ախթամար» պարախումբի անդամներէն՝ Թամար Ասատուրեան: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Պայքար» շաբաթաթերթը։
Աղբիւրը մասնաւորաբար կը գրէ՝
«Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք անժամանակ մահը մեր սիրեցեալ արուեստագէտուհիին՝ Թամար Ասատուրեանի, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ, Նիւ Ճըրզիի մէջ:
Ան բազմատաղանդ արժանիքներով լեցուն հայուհի մըն էր:
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մօր՝ «Ախթամար» պարախումբի պարուսոյցին՝ Սիլվային եւ հօր՝ Ռիչըրտ Ասատուրեաններուն, քրոջ՝ Մելոյին ու ընտանիքին, պարագաներուն եւ համայն Ասատուրեան եւ Գանթարճեան ընտանիքներուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել