Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները կը շարունակեն կատարել իրենց առաջադրանքները շփման գիծին վրայ հրադադարի ռեժիմի պահպանման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կ'ապահովեն փոխադրամեքենաներու տեղաշարժի եւ ապրանքներու տեղափոխման անվտանգութիւնը Լաչինի միջանցքով:
Ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը, խաղաղապահները, ըստ ծրագրուածի, մարտական պատրաստուածութեանն ուղղուած միջոցառումներ կ'իրականացնեն՝ ուսումնավարժանքներ կատարելով դիտորդական կէտերու ուղղութեամբ հնրաւոր յարձակումները ետ մղելու համար:
Ազդանշանը ստանալուն պէս խաղաղապահները պատրաստ են կարճ ժամկէտներու մէջ զբաղցնել սարքաւորումներով նախապէս համալրուած պաշտպանական դիրքերը:
Կը հաղորդուի, որ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ անցած շաբթուայ ընթացքին հրադադարի ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել