image

Մարիա Տաղլեան Հերնանտեզ նշանակուած է Քալիֆորնիոյ Վերաքննիչ ատեանի դատաւոր

Մարիա Տաղլեան Հերնանտեզ նշանակուած է Քալիֆորնիոյ Վերաքննիչ ատեանի դատաւոր

Հայազգի դատաւոր Մարիա Տաղլեան Հերնանտեզ նշանակուած է Քալիֆորնիոյ Վերաքննիչ ատեանի դատաւորի պաշտօնին՝ ներկայացնելով չորրորդ շրջանի երրորդ բաժանմունքը։ Ան 2009 թուականէն ի վեր կը ծառայէ Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանին մէջ եւ ունի աւելի քան երեք տասնամեակի իրաւաբանական ու հանրային ծառայութեան փորձառութիւն։

Հայ Իրաւաբանական միութիւնը ողջունած է իր անդամներէն՝ Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Մարիա Տաղլեան Հերնանտեզի նշանակումը Քալիֆորնիոյ Վերաքննիչ ատեանի դատաւորի պաշտօնին։ Աւելի քան երեք տասնամեակի իրաւաբանական եւ հանրային ծառայութեան փորձառութիւն ունեցող դատաւորը Հայ Իրաւաբանական միութեան Դատական գնահատման յանձնախումբին կողմէ արժանացած է «Արտակարգ բարձր որակաւորուած» գնահատումին։

Հայ Իրաւաբանական միութիւնը կ՛ողջունէ Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Մարիա Տաղլեան Հերնանտեզի նշանակումը՝ Քալիֆորնիոյ Վերաքննիչ ատեանի դատաւորի պաշտօնին, ներկայացնելով չորրորդ շրջանի երրորդ բաժանմունքը:

Հայ Իրաւաբանական միութեան անդամ, դատաւոր Տաղլեան Հերնանտեզ աւելի քան երեք տասնամեակ նուիրած է իրաւաբանական ասպարէզին եւ հանրային ծառայութեան: Անոր ասպարէզը կ՛արտացոլէ դատարանային հարուստ փորձառութիւն, դատական առաջնորդութիւն եւ արդարադատութեան իրականացման հանդէպ երկարամեայ նուիրում:

Հայ Իրաւաբանական միութեան Դատական գնահատման յանձնախումբը, որ կազմուած է նահանգային եւ դաշնակցային համակարգերու փորձառու իրաւաբաններէ, կը կատարէ դատական թեկնածուներու մանրակրկիտ եւ արժանիքներու վրայ հիմնուած գնահատումներ, ներառեալ մասնագիտական ստուգումներ եւ հարցազրոյցներ: Դատաւոր Տաղլեան Հերնանտեզ անցած է յանձնախումբի համապարփակ գնահատման գործընթացէն եւ արժանացած է «Արտակարգ բարձր որակաւորուած» գնահատումին:

Դատաւոր Տաղլեան Հերնանտեզ 2009էն ի վեր կը ծառայէ Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանին մէջ: Ան նաեւ ստանձնած է պատասխանատու այլ պաշտօններ եւ ունի դատավարական եւ հանրային ծառայութեան ընդարձակ փորձառութիւն:

Հայ Իրաւաբանական միութիւնը մեծապէս կը գնահատէ դատաւոր Տաղլեան Հերնանտեզի այս նշանակման կարեւորութիւնը: Անոր հարուստ փորձառութիւնը արժէքաւոր պիտի ըլլայ  Վերաքննիչ ատեանին համար: