Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով այսօր իր աշխատանքէն ազատուած է Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Արմէնբրէս» գործակալութիւնը յղում ընելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահութեան աղբիւրներուն։