image

Վիքթոր Մորոզով «Ինճիրլիքի խարիսխը պիտի դառնայ Փութինի յաջորդ յաղթանակի առիթ»

Վիքթոր Մորոզով «Ինճիրլիքի   խարիսխը պիտի դառնայ  Փութինի  յաջորդ յաղթանակի  առիթ»

Թուրքիա- Մէկէ աւելի թրքական աղբիւրներ տեղեկութիւն հրապարակած են այն մասին, թէ  ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեամբ  գործող «Ինճիրլիք» օդային խարիսխը    իր դռները պիտի բանայ ռուսական   կործանիչներուն առջեւ: «Միլլիյէթ» այս  առումով  եւ յղում ընելով ռուսական  «Իզվէստիա»ին  կը գրէ, թէ  Ռուսիոյ արտաքին    յարաբերութիւններու  յանձնաժողովի անդամ Վիկտոր Մորոզով  խօսելով թերթին յայտնած է, թէ շատ հաւանական է, որ Ռուսաստան  իր     արդիական կործանիչները  տեղակայէ  «Ինճիրլիք»էն ներս: Ան  այս առումով նաեւ ըսած է, թէ այս   ռազմավարական յոյժ կարեւոր  քայլը պիտի դառնայ   Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի   յաջորդ յաղթանակը:  Նշենք, որ մէկէ աւելի թուրք փորձագէտներ այս  մասին խօսելով ըսած են, թէ  «Ինճիրլիք»ի  մէջ ռուսական օդուժին  տեղ տալը   պէտք է համարել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին կողմէ ձեռնարկուած քայլ  մը, որ  պիտի նպաստէ երկու  երկիրներու  միջեւ  յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրացման:  Ըստ   «Թայմըզ»  պարբերականին   ռուսական կործանիչնրու  «Ինճիրլիք»ի       մէջ տեղակայուիլը   պիտի կատարուի շատ  կարճ ժամանակի մը մէջ: