image

«Թայմ»ի շապիկին Պայտընի նկարն է, իսկ ակնոցներուն վրայ Փութինի արտացոլանքը...

«Թայմ»ի շապիկին Պայտընի նկարն է, իսկ ակնոցներուն վրայ Փութինի արտացոլանքը...

«Time ամերիկեան շաբաթաթերթը Զուիցերիոյ գագաթնաժողովի նախօրէին առաջին էջին տեղադրած է Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահներու լուսանկարը», հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի-ն:

Time-ի շապիկին վրայ Ճօ Պայտընին նկարն է արեւի ակնոցով, որուն վրայ կ'արտացոլուի Վլատիմիր Փութինի նկարը:

Երկու պետութիւններու ղեկավարները պիտի հանդիպին Ժընեւի մէջ 16 յունիսին: Ռուսաստանի առաջնորդի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքովի խօսքով՝ նախագահները պիտի քննարկեն ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ռազմավարական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ COVID-19-ի դէմ պայքարն ու տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորումը: