ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինին «արժանի հակառակորդ» անուանած է:
ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով Փութինի հետ առաջիկայ հանդիպման մասին հարցին, Պայտըն յստակ չէ ըսած, թէ ինքը ինչ արդիւնքներ կ'ակնկալէ՝ նշելով միայն, որ պիտի քննարկեն «այն ոլորտները, ուր կրնանք համագործակցիլ», եւ «եթէ Ռուսաստանը հրաժարի համագործակցիլ այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպիսին է համացանցային անվտանգութիւնը, մենք կը պատասխանենք նոյն կերպ»:
Պայտըն նշած է, որ Փութին «խելացի ու կոշտ» է, եւ յոյս յայտնած է, որ Ռուսաստանի նախագահը հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ «աշխարհի մէջ իրեն ընկալելու ձեւի փոփոխութեան»։
Յիշեցնենք, որ երկու առաջնորդներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ժընեւի մէջ` 16 Յունիսին: