image
Հրատապ լուրեր:

Վիեննայի մէջ կորսուած երեխան Լիբանանի մէջ գտնուած է

Վիեննայի մէջ կորսուած երեխան Լիբանանի մէջ գտնուած է

Անցնող տարուան վերջը Վիեննայի մէջ յայտարարուած էր ռուս աղջնակի մը առեւանգման մասին, որ ըստ «Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան Լիբանանի մէջ յայտնաբերուած է, իր հօր ուղեկցութեամբ:

Աղջնակին լիբանանցի հօր հետ զրոյցի ընթացքին վերջինս «Նովոսթի» գործակալութեան յայտնած է, որ երեխային ռուս մայրն իր նախորդ կինն էր, իսկ ինք Վիեննայէն իր աղջնակին հետ Լիբանան տեղափոխուած է նկատի ունենալով վերջինիս առողջական վիճակը, որպէսզի ան տաք կլիմայով երկիր ապրի:

Տղամարդը շեշտած է, որ իր նախկին կինը տեղեակ էր իր մտադրութեան մասին, եւ ինք Լիբանան հասնելով նոյնպէս տեղեկացուցած է երեխային մօրը իրենց գտնուելու վայրին մասին, շեշտելով, որ աղջնակին առողջական վիճակն սկսած է բարելաւուիլ: