Քեսապի դէպքերուն ընթացքին ծանր վնասներու ենթարկուած Սուրբ Երրորդութիւն հայ աւետարանական եկեղեցին երէկ վերաբացած է իր դռները: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց «Արեւելք»ի Քեսապի աղբիւրը: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ այս առթիւ Պէյրութէն ժամանած է Աւետարանական եկեղեցին ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ (ՄԱՀԱԵ) Նախագահ ՝Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Հայկազեան Համալսարանի տնօրէն՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի, Քեսապի նախկին հովիւ Պատ. Սեւակ Թրաշեանի եւ այլ պատասխանատուներու:
Արարողութեան ընթացքին յատուկ պատգամով հանդէս եկած են ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանն ու Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ ՝ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան, իսկ արարողութեան մասնակցած է Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան: Նշենք, որ եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան ներկայ եղած են Քեսապի եւ շրջակայից Սուրիոյ իշխանութեան եւ բանակային ուժերու ներէկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շրջանի շէյխեր: Արարողութեան նոյնպէս իրենց մասնկացութիւնը բերած են Քեսաապի Հայ Առաքելաեական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ: Վերանորոգուած եկեղեցւոյ բացման ժապաւէնը հատած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան:


