ՌԱԿ «Վերականգնում» շարժումի համակարգող Վարդան Նազիրեան Պոսթընի մէջ հանդիպում ունեցած է օրերս պաշտօնական այցով Միացեալ Նահանգներ գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Պոսթընի մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Վարդան Նազիրեան ՀՀ նախագահին ներկայացուցած է ՌԱԿ «Վերականգնում» շարժման յառաջիկայ ծրագիրները: Նշենք, որ հանդիպումը կայացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող ՌԱԿ-ի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն ՝ Պոսթընի «Պայքար» ակումբէն ներս: Նախագահ Սերժ Սարգսեանին այս առթիւ ընկերակցած են Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Սփիւռքի նախարար Տիկն. Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար՝ Վիգէն Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

