image

Վարչապետն ընդունած է Վատիկանի Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղարին

Վարչապետն ընդունած է Վատիկանի Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղարին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալլակըրը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն:

Վարչապետը ողջունած է պարոն Կալլակըրի այցը Հայաստան եւ համոզմունք յայտնած, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ մեր երկրի ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացմանն ու ամրապնդման: Նիկոլ Փաշինեանը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է խորացնելու երկկողմ կապերը Վատիկանի հետ եւ հայ ժողովուրդի ջերմ վերաբերմունքն անձամբ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ Սուրբ Աթոռի նկատմամբ: Այդ առումով, կառավարութեան ղեկավարը շեշտած է հայ-վատիկանեան ամուր հոգեւոր եւ մշակութային պատմական կապերու փաստը ու նշած, որ անոնք լաւ հիմք են յետագայ համագործակցութեան համար:   

Փոլ Ռիչարտ Կալլակըրը նշած է, որ Սուրբ Աթոռը եւս բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ պատմական կապերն ու նշած Հռոմի պապի ջերմ զգացմունքները հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը աւելցուցած է, որ Հայաստանը Վատիկանի մէջ ներկայացուած է իր հարուստ պատմական ու հոգեւոր  ժառանգութեամբ, ինչը կը խօսի երկկողմ սերտ կապերու վկայութեան մասին:    

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի ու Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման յետագայ քայլերը, միտքեր փոխանակած են միջազգային ասպարէզի, այդ շարքին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան խնդիրներու շուրջ: Կողմերը կարեւորած են Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի ներդրումը աշխարհի մէջ խաղաղութեան պահպանման գործին:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Փոլ Ռիչարտ Կալլակըրն անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործընթացին եւ վերջին զարգացումներուն: