image

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ եւ դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող սուտ տեղեկատւութիւնը

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ եւ դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ  տարածուող  սուտ  տեղեկատւութիւնը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան իր էջին անդրադարձած է ատրպէյճանական կայքերու տարածած ապատեղեկատւութեան:

«1.Հայալեզու կեղծ (ֆեյք) էջը կեղծ լուր կը տարածէ, թէ ես ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը շնորհաւորած եմ հակաիրանական «յաջող» գործողութիւն կազմակերպելու համար:

2. Այս լուրը արագ կը յայտնուի ատրպէյճանական մամուլի մէջ եւ կը դառնայ օրուայ թրենտ:

3. Ատրպէյճանական մամուլէն լուրը կը յայտնուի իրանական մամուլի մէջ եւ կը դառնայ որոշ ուժերու հակահայկական ներշնչանքի աղբիւր:

Սա այն դէպքն է, երբ խօսքի կեղծ «ազատութիւնը» սպառնալիք ստեղծած է մեր ազգային անվտանգութեան համար: Լուրի հեղինակները եւ անոնց շարժառիթները պէտք է պարզուին»: