image

Վանի մէջ հայերու աճիւննե՞ր

Վանի  մէջ  հայերու աճիւննե՞ր

Թուրքիոյ Վան քաղաքին մէջ կատարուած  պեղումներու ընթացքին  ոսկորներ  յայտնաբերուած են: Այս մասին լուրը  փոխանցող թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն,  որ    պեղումներ կը կատարուէին   Վան քաղաքի  կեդրոնական  մէկ  շրջանին մէջ՝ կառատուն կառուցելու նպատակով: Ոսկորներու  յայտնաբերումէն ետք վրայ հասած է  Վան քաղաքի  մարդկային իրաւանց պաշտպան Մուրատ Մէլէթ: Ան   պահանջած է արագօրէն դադրեցնել   պեղումները՝ նկատել տալով, որ այդ աճիւնները կրնան պատկանած  ըլլալ   հայերու: Տեղի   քաղաքապետի կարգադրութեամբ տոպրակի մը մէջ լեցուած աճիւնները տարուած  են հետաքննութեան: Շրջանի  բնակիչները    լրատուական  աղբիւրներու   խօսելով, յայտնած են, որ  պեղումներու    շրջանը եղած է հայերու պատկանող  գերեզմանատուն մը: 


Լուսանկարը՝ Պոլսոյ Շիշլիի  հայկական  գերեզմանատուն