Թուրքիոյ Վան քաղաքին մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին ոսկորներ յայտնաբերուած են: Այս մասին լուրը փոխանցող թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ պեղումներ կը կատարուէին Վան քաղաքի կեդրոնական մէկ շրջանին մէջ՝ կառատուն կառուցելու նպատակով: Ոսկորներու յայտնաբերումէն ետք վրայ հասած է Վան քաղաքի մարդկային իրաւանց պաշտպան Մուրատ Մէլէթ: Ան պահանջած է արագօրէն դադրեցնել պեղումները՝ նկատել տալով, որ այդ աճիւնները կրնան պատկանած ըլլալ հայերու: Տեղի քաղաքապետի կարգադրութեամբ տոպրակի մը մէջ լեցուած աճիւնները տարուած են հետաքննութեան: Շրջանի բնակիչները լրատուական աղբիւրներու խօսելով, յայտնած են, որ պեղումներու շրջանը եղած է հայերու պատկանող գերեզմանատուն մը:
Լուսանկարը՝ Պոլսոյ Շիշլիի հայկական գերեզմանատուն