Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ Վահէ Գրիգորեան երդուեց եւ դարձաւ ՀՀ սահմանադրական դատարանի դատաւոր: Երդման արարողութենէն ետք խօսք առնելով Սահմանադրական Դատարանի նորընտիր դատաւորը մասնաւորապէս ըսաւ ՝
«Ինծի համար բարձր պատիւ է Սահմանադրական Դատարանի դատաւորի պաշտօնը երդմամբ ստանձնելը: Սա Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն առաջին անգամ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեամբ ընտրուած Ազգային Ժողովին կողմէ ընտրուած առաջին բարձր դատական պաշտօնն է: Այս պաշտօնին իմ ընտրութիւնը երկար ճանապարհ անցած է, ատիկա եղած է բաց ու թափանցիկ․․․»,-ըսաւ Գրիգորեան: