Վաղը առաւօտ կը մեկնարկէ լիբանանցի նախարար Միշէլ Ֆարաոնի այցը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ նախարարն իր այցին ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Կաթողիկոսի եւ ՀՀ շարք մը պատասխանատուներու հետ: Նախարար Ֆարաոն, որ յայտնի է լիբանանահայութեան սերտ եւ մօտիկ բարեկամ քաղաքական գործիչ մը ըլլալու հանգամանքով, ներկայիս կը վարէ Լիբանանի Պետական ծրագրաւորման նախարարի պաշտօնը: Յոյն կաթողիկէ համայնքի կարեւորագոյն քաղաքական դէմքը հանդիսացող Ֆարաոն տարբեր առիթներով ունեցած է հայանպաստ ելոյթներ: Պէյրութի Էշրէֆիյէ քրիստոնէական շրջանին մէջ կարեւոր ներուժ ունեցող նախարարը հետամուտ եղած է գործնական տարբեր միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ լիբանանահայ համայնքի տարբեր խաւերուն: Ըստ գնահատականներու, անոր այցը խթան կը հանդիսանայ Հայաստան- Լիբանան կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու յաւելեալ համագործակցութեան: