Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարութիւն տարածած է Յուլիս 17-ին ՀՀ ոստիկանութեան պահակապարեկային գունդի տարածքին տեղի ունեցած զինուած յարձակումին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններու առնչութեամբ:«Վեցերորդ օրն է, որ Հայաստանի քաղաքացիներն ու հայութիւնը նոր փորձութեան առջեւ են: Զէնքի ուժով քաղաքական փոփոխութիւններ կը պահանջեն խումբ մը մարդիկ, որոնք քաղաքական պայքարի մեթոտներն ու ձեւերը չեն ընդունիր: Առկայ է փակուղային իրավիճակ, առկայ է մտածողութեան ճգնաժամ: Որ մտածողութիւնը կը յաղթէ, ինչ հանգուցալուծում կ’ունենանք, ատկէ կախուած է երկրի յետագայ ընթացքը: Այս իրադրութեան մէջ իւրաքանչիւրը` անհատ, թէ հասարակական-քաղաքական խմբաւորում պարտաւոր է յստակ դիրքորոշում ունենալու:
«Ոստիկանական զօրամասի գրաւումէն ժամեր անց, երբ դեռ յայտնի չէր, որ գնդապետ մը զոհուած է, ՀՅ Դաշնակցութիւնը արտայայտած է իր դիրքորոշումը` այո, անհրաժեշտ են որակական փոփոխութիւններ, բայց ծայրայեղական մտածողութիւնը ոչ թէ կը մօտեցնէ, այլ կը հեռացնէ այդ փոփոխութիւնները: Զէնքով, բռնութեամբ, պատանդներով եւ ահաբեկչութեամբ հարցեր պիտի չլուծուի: Նպատակը ինքնին չ՛արդարացներ միջոցները:
«Ով որ հակառակը կը մտածէ կամ կ՛աջակցի այդպէս մտածողներուն, ուղղակի կը բացառէ ուժեղ, կազմակերպուած, ազատ երկիր ունենալու հեռանկարը: Պատրանք ստեղծելով, թէ կը պայքարին լաւ իշխանութեան, լաւ Հայաստանի համար, իրականութեան մէջ կ՛ոչնչացնեն Հայաստանը:
«Այն պնդումները, թէ մեր երկրի ծանր իրավիճակը փոխելու այլ ելք չէ մնացած կեղծ են ու մտացածին:
«Ելք կայ: Բայց այդ ելքը կը պահանջէ աշխատանք, գիտակից կազմակերպուածութիւն, ազատ քաղաքացիներու համախմբում, հետեւողական պայքար մեզ թուլացնող բոլոր երեւոյթներուն դէմ, որուն հիմքերը դժուարութեամբ, բայց կը ստեղծուին:
«Հայհոյանքը, թշնամանքը, ատելութիւնը, բռնութիւնը, ժողովուրդի արդարացի ակնկալիքները ու դժգոհութիւնը անտեսելը միշտ կը պառակտեն ու կ՛ոչնչացնեն հայութեան հաւաքական ներուժը: Արդիւնքով քառօրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած մեր աներեւակայելի համազգային համախումբը այսօր լրջօրէն վտանգուած է:
«Ճշմարտութիւնը միշտ դառն է, բայց անիկա չ՛ըսելը անպատասխանատուութիւն է ու անողնաշարութիւն:
«Հոկտեմբեր 27-էն, Մարտ 1-էն ետք երրորդ հարուածը հասցուած է մեր պետականութեան: Վտանգ կայ, որ նորէն տարիներ պիտի կորսնցնենք, ինչ որ յղի է ներքին ու արտաքին կեանքին մէջ նոր կորուստներով: Ասիկա չհասկալ, չդատապարտել կատարուածը, կը նշանակէ ջուր լեցնել մեր թշնամիներու ջրաղացքին:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի իրավիճակի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման, անթոյլատրելի կը համարէ նոր արիւնահեղութիւնը, իրաւապահ մարմիններէն կը պահանջէ արհեստավարժութիւն, կը պահանջէ յարգել օրինապահ քաղաքացիներու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, վճռականօրէն կը դատապարտէ պայքարի ոչ քաղաքական մեթոտներն ու ծայրայեղական մտածողութիւնը:
«Մենք կրնանք եւ պիտի ունենանք ուժեղ, ազատ, բարեկեցիկ Հայաստան: Այդ ճանապարհին պարտաւոր ենք ձեւաւորելու եւ նոր որակի իշխանութիւն: Այդ ճանապարհը մենք պիտի անցնինք այս արժէքներով ու գիտակցութեամբ առաջնորդուող հասարակութեան լայն շրջանակներու հետ»,- նշուած է ՀՅԴ ԳՄ յայտարարութեան մէջ:
