Թուրքիոյ մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ երկրի պետական ոլորտներու տարբեր կառոյցներէն ներս նոր հեռացումներ տեղի ունեցած են: Ընդհանուր առմամբ որոշում կայացուած է 15 հազար 726 պաշտօնեայի նկատմամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը:
Նոր որոշմամբ երկրի զինուած ոյժերէն հեռացուած է 1988 մարդ, անվտանգութեան վարչութենէն` 7586: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն եւ անոր կից կառոյցներէն հեռացուած է 2 հազար 696 մարդ, առողջապահութեան նախարարութենէն` 752, ելեւմուտքի նախարարութենէն` 526, ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութեան նախարարութենէն` 131, ազգային կրթութեան նախարարութենէն` 119, կրօնական գործերու նախարարութենէն` 94, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութենէն` 73, անտառի եւ ջրային գործերու նախարարութենէն` 52, ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն` 23, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութենէն` 13, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն` 11:Հեռացումներ կատարուած են այլ պետական կառույցներէ եւս: Բացի այդ, որոշում կայացուած է 550 միութիւն, 9 լրատուամիջոց եւ 19 սեփական առողջապահական հիմնարկ փակելու:
Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուած էր 15 Յուլիսին ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք: Կառավարութեան նոր որոշմամբ` 19Հոկտեմբերէն ետք երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է եւս 3 ամիսով: