image

Թուրքիա անվտանգութեան կանխամիջոցներ կ'իրականացնէ

Թուրքիա   անվտանգութեան  կանխամիջոցներ  կ'իրականացնէ

Թուրքիա-(«Միլլիյէթ»- Փարիզ) Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնէն ետք Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը անվտանգութիւնը ապահովելու յամար շարք մը միջոցառումներու ձեռնարկած է: Յատկապէս մեթրոյի կայարաններու եւ «Աթաթիւրք»  օդակայանին  մէջ խիստ ստուգումներ կ'իրականացուին: Ըստ «Միլլիյէթ» պարբերականի  կայքին, Անգարայի  մէջ պողոտաներներուն վրայ  յատուկ անցարգելներ  դրուած են  եւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու  եւ այլ պետութիւններու դեսպանատներ տանող ճամփաներուն վրայ ոստիկանութեան կողմէ վերահսկողութիւն սահմանուած է: Շարք մը պողոտաներ  փակուած են: Անվտանգութեան միջոցառումներ ձեռնարկուած են նաեւ Անթալիա քաղաքին օդակայանին  մէջ: Մասնաւորապէս օդակայանի  տարածք մտնող ինքնաշարժերը խիստ ստուգման կ'ենթարկուին ոստիկանական ուժերու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու կողմէ, որուն  պատճառով ինքնաշարժերու մեծ հերթ  գոյացած է օդակայանին առջեւ: