Թուրքիա-(«Միլլիյէթ»- Փարիզ) Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնէն ետք Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը անվտանգութիւնը ապահովելու յամար շարք մը միջոցառումներու ձեռնարկած է: Յատկապէս մեթրոյի կայարաններու եւ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ խիստ ստուգումներ կ'իրականացուին: Ըստ «Միլլիյէթ» պարբերականի կայքին, Անգարայի մէջ պողոտաներներուն վրայ յատուկ անցարգելներ դրուած են եւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ պետութիւններու դեսպանատներ տանող ճամփաներուն վրայ ոստիկանութեան կողմէ վերահսկողութիւն սահմանուած է: Շարք մը պողոտաներ փակուած են: Անվտանգութեան միջոցառումներ ձեռնարկուած են նաեւ Անթալիա քաղաքին օդակայանին մէջ: Մասնաւորապէս օդակայանի տարածք մտնող ինքնաշարժերը խիստ ստուգման կ'ենթարկուին ոստիկանական ուժերու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու կողմէ, որուն պատճառով ինքնաշարժերու մեծ հերթ գոյացած է օդակայանին առջեւ: