image

Թուրք-քրտական բախումները կը շարունակուին. նախօրէին սպանուած է 20-է աւել քիւրտ զինեալ

Թուրք-քրտական բախումները կը շարունակուին. նախօրէին սպանուած է 20-է աւել քիւրտ զինեալ

Թուրքիոյ Վան եւ հարաւարեւելեան Հաքքարի նահանգներուն մէջ նոր թուրք-քրտական բախումներ տեղի ունեցած են: Այս մասին ը հաղորդէ «Sondakika» լրատուական կայքը, նշելով, որ Վանի Չալտըրան շրջանին մէջ՝ Թոնդրակ լեռան մօտ տեղի ունեցած բախման հետեւանքով 3 ոստիկան սպաննուած է եւ 4 ոստիկան՝ վիրաւորուած: Իսկ Հաքքարիի Չուքուրճա շրջանին մէջ սպաննուած է 1 թուրք զինուոր եւ վիրաւորուած 6 ուրիշներ: Բախումները տարածուած են Չուքուրճա շրջանի Ուզունտերէ, Փերինչէք, Սենի թէփէ բնակավայրերուն մէջ:

Թրքական աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ բախման ժամանակ սպանուած է 20-է աւել քիւրտ զինեալ:
Յիշեցնենք, որ 31 Օգոստոսին երեկոյեան  Թուրքիոյ զինուած ուժերուն պատկանող ռազմական օդանաւներ  նոյն Չուքուրճա շրջանին մէջ օդային գործողութիւն իրականացուցած էին PKK-ի  դիրքերու ուղղութեամբ, որու ընթացքին ոչնչացուցած էին քիւրտ զինեալներու 6 թիրախ: