image

Զինեալ միջադէպ Պէյրութի մէջ. Կայ 1 զոհ (Տեսանիւթ)

Զինեալ միջադէպ Պէյրութի մէջ. Կայ 1 զոհ (Տեսանիւթ)

Պէյրութի  «Այշա պաքքար» շրջանին մէջ զինեալ միջադէպ մը գրանցուած է, որուն հետեւանքով ալ գրանցուած է մէկ զոհ եւ 4 վիրաւորներ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։

  Աղբիւրները նշած են, որ վէճի հետեւանքով  եղած լարումին յաջորդած է կրակոց, որուն հետեւանքով ալ զոհուած է «Ամալ» կուսակցութեան անդամներէն ՝ Սամէր Ամէր։

 

 Ի դէպ կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ բախումները եղած են «Ամալ» շարժումի զինեալներու եւ «Ալ Մուսթաքպալ» կուսակցութեան համակիրներուն միջեւ, սակայն աւելի ուշ «Մուսթաքպալ» յայտարարած է, որ եղած միջադէպը անահատական բնոյթ կը կրէ։

 

 Դէպքին առընթեր ամենամտահոգիչն այն է, որ օրը ցերեկով եւ անտեսելով իրաւապահ մարմիններու յորդորներն ու ներկայութիւնը զինուած մարդիկ Պէյրութի  թաղերը մուտք կը գործեն վախ ու սարսափ տարածելով քաղաքացիներուն մօտ։