Թուրքիոյ Վան եւ հարաւարեւելեան Հաքքարի նահանգներուն մէջ նոր թուրք-քրտական բախումներ տեղի ունեցած են: Այս մասին ը հաղորդէ «Sondakika» լրատուական կայքը, նշելով, որ Վանի Չալտըրան շրջանին մէջ՝ Թոնդրակ լեռան մօտ տեղի ունեցած բախման հետեւանքով 3 ոստիկան սպաննուած է եւ 4 ոստիկան՝ վիրաւորուած: Իսկ Հաքքարիի Չուքուրճա շրջանին մէջ սպաննուած է 1 թուրք զինուոր եւ վիրաւորուած 6 ուրիշներ: Բախումները տարածուած են Չուքուրճա շրջանի Ուզունտերէ, Փերինչէք, Սենի թէփէ բնակավայրերուն մէջ: