image

Թուրք Պիրքան Սոքուլլու Դեր Պիտի Առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ֆիլմի Մը Մէջ

Թուրք  Պիրքան  Սոքուլլու  Դեր Պիտի Առնէ  Հայոց Ցեղասպանութեան  Նուիրուած   Ֆիլմի Մը Մէջ

Թուրքիա-  Թուրք դերասան  Պիրքան Սոքուլլու   դեր պիտի առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան  թեմային նուիրուած շարժանկարի մը մէջ: Այս  մասին գրած է «Մարմարա»ն, որ նաեւ կը  յայտնէ,  թէ  ֆիլմը կը  կրէ  «Խոստում»  խորագիրը:  Թերթը նաեւ  կը յայտնէ, որ  ֆիլմը պիտի նկարահանուի   օրերս Ամերիկայի մէջ իր մահկանացուն կնքած  հայազգի յայտնի  բարերար Քըրք Քըրքորեանի   նիւթական յատկացումներով:  Աղբիւրը նաեւ կը  նշէ, թէ ընտրութիւնը  Սոքուլլույի վրայ ինկած է, որովհետեւ թուրք  դերասանը լաւապէս կը տիրապետէ  անգլերէն լեզուին: Ֆիլմին     իրենց մասնակցութիւնը  պիտի բերեն Օսքար  Իսաքն Ու Քրիսթիան Պալը: