Օգոստոսի 31-ին երեկոյան Թուրքիոյ զինուած ուժերուն պատկանող ռազմական օդանաւները Թուրքիոյ Հաքքարի նահանգի Չուքուրճա շրջանին մէջ օդային գործողութիւն իրականացուցած է «Քուրտիստանի բանւորական կուսակցութեան» (PKK) դիրքերու ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդող «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը նաեւ կը նշէ, որ գործողութեան ընթացքին ոչնչացուած է քիւրտ զինեալներու 6 թիրախ:
Թրքական «Milliyet» թերթի կայքը իր հերթին կը յայտնոէ , որ Չուքուրճա շրջանի Ուզունտուրէ եւ Չաղլաեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած թուրք-քրտական բախումներու հետեւանքով սպաննուած է մէկ քիւրտ զինեալ: