image

Թրքական օդուժը դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնէ Ռուսական տարածքներուն վերեւ

Թրքական  օդուժը դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնէ Ռուսական  տարածքներուն վերեւ

Թուրքիա- (Daily Sabah- Պոլիս)Թուրքիոյ զինուած ուժերու անզէն CN 235 ինքնաթիռը Իտալիոյ հետ համատեղ դիտորդական թռիչքներ կ'իրականացնէ Ռուսաստանի օդային տարածքին:Թրքական «Sabah»  թերթի կայքի տեղեկացմամբ՝ Թուրքիա բանակի    հրամանատարութիւնը  սոյն թռիչքներու վերաբերեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է.

«11-15 յուլիսի 2016-ին մեր երկիրը «Բաց երկինքի» պայմանագրի շրջանակներուն  մէջ Իտալիոյ հետ համատեղ դիտորդական թռիչք կ'անցընէ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին մէջ»:Թուրք եւ իտալացի զինուորական տեսուչներուն թռիչքներու ժամանակ կ'ուղեկցին նաեւ ռուս պաշտօնեաներ: Թուրք դիտորդներու խումբը թռիչքները աւարտելէ եւ իրենց առաքելութիւնը կատարելէ յետոյ 15  յուլիսին կը վերադառնայ Թուրքիա:Թուրք եւ ֆինլանտացի  մասնագէտներէն կազմուած խումբը 13-17 յունիսին ինկած ժամանակահատուածին եւս դիտորդական թռիչք իրականացուցած էր Ռուսաստանի տարածքին:Յիշեցնենք, փետրուար 2016-ին Թուրքիա  մերժած էր Ռուսաստանի՝ Թուրքիոյ օդային տարածքին դիտորդական թռիչքներ կատարելու մասին առաջարկը: