Թուրքիա- (Daily Sabah- Պոլիս)Թուրքիոյ զինուած ուժերու անզէն CN 235 ինքնաթիռը Իտալիոյ հետ համատեղ դիտորդական թռիչքներ կ'իրականացնէ Ռուսաստանի օդային տարածքին:Թրքական «Sabah» թերթի կայքի տեղեկացմամբ՝ Թուրքիա բանակի հրամանատարութիւնը սոյն թռիչքներու վերաբերեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է.
«11-15 յուլիսի 2016-ին մեր երկիրը «Բաց երկինքի» պայմանագրի շրջանակներուն մէջ Իտալիոյ հետ համատեղ դիտորդական թռիչք կ'անցընէ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին մէջ»:Թուրք եւ իտալացի զինուորական տեսուչներուն թռիչքներու ժամանակ կ'ուղեկցին նաեւ ռուս պաշտօնեաներ: Թուրք դիտորդներու խումբը թռիչքները աւարտելէ եւ իրենց առաքելութիւնը կատարելէ յետոյ 15 յուլիսին կը վերադառնայ Թուրքիա:Թուրք եւ ֆինլանտացի մասնագէտներէն կազմուած խումբը 13-17 յունիսին ինկած ժամանակահատուածին եւս դիտորդական թռիչք իրականացուցած էր Ռուսաստանի տարածքին:Յիշեցնենք, փետրուար 2016-ին Թուրքիա մերժած էր Ռուսաստանի՝ Թուրքիոյ օդային տարածքին դիտորդական թռիչքներ կատարելու մասին առաջարկը: