image

Թրքական Կործանիչներ Կը Հարուածեն PKK -ի Իրաքի Դիրքերը

Թրքական Կործանիչներ Կը Հարուածեն PKK -ի Իրաքի Դիրքերը

Իրաք- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Սպայակոյտի ընդհանուր մարմնի յայտարարութեամբ կը նշուի, որ ուրբաթ օր, երկու առանձին գործողութիւններու միջոցաւ 12 թրքական ռազմական կործանիչներ ոչնչացուցած են հիւսիսային Իրաքի Զապ եւ Մէթինա շրջաններուն մէջ գտնուող  PKK-ի դիրքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սապահ», նշելով, որ Զապ շրջանին մէջ վարուած գործողութեան մասնակցած են չորս F-16 տեսակի օդանաւեր, որոնք կործանած են PKK-ի պատկանող ռազմամթերքի պահեստները, պատսպարանները եւ փայտակերտ ամրոցները: Մինչ Մէթինա շրջանին մէջ թրքական ութ  F-4 2020 տեսակի օդանաւեր քանդած են այնտեղ գտնուող PKK-ի դիրքերը: