image

Թիւրիմացութիւն. Ատելավառ գրութիւնները եղած են ոչ թէ պոլսահայ վարդապետի այլ Հայաստանցի կնոջ տան դռան

Թիւրիմացութիւն. Ատելավառ գրութիւնները  եղած  են ոչ թէ   պոլսահայ վարդապետի այլ Հայաստանցի կնոջ տան դռան

Երէկ   «Արեւելք»ի  հրապարակած  մէկ լուրին մէջ  թիւրիմացութիւն  նկատուած է։

Ինչպէս   հաղորդած էինք  Պոլսոյ մէջ   ատելավառ  գրութիւններ երեւցած էին համայնքի  աշխոյժ միաբաններէն  Տ. Զագէոս  ծ.վրդ.ի  տան դռան, սակայն  այսօր   յայտնի դարձաւ, որ  այդ  տեղեկութիւնները հիմնովին սխալ են  եւ  ատելավառ  գրութիւնները  երեւցած են Սամաթիա  շրջանին  մէջ  բնակող  հայաստանցի ընտանիքի մը տան    դռան  վրայ։

Նշենք, որ հայաստանցի  տիկինը, որ ենթարկուած էր  դաշունահարման  բուժումներ  ստանալէ ետք փոխադրուած է  իրենց բնակարան եւ կ՚անցընէ բուժման    շրջան մը։