Անհանգիստ իրավիճակ է Իրանի մայրաքաղաքին մէջ: Խումբ մը մարդիկ հաւաքուած են Թեհրանի Ամիրքապիր համալսարանի մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ուքրանական օդանաւի զոհերու յիշատակին: Սակայն յիշատակի միջոցառումները վերածուած են բողոքի ցոյցի: Ցուցարարները սկսած են պահանջել երկրի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամէնիյիի հրաժարականը: Բախումներ եղած են ոստիկաններու հետ: Հաւաքը ցրելու համար իրաւապահներն արցունքաբեր կազ կիրառած են: Այս մասին կը յայտնէ Daily Mail-ը: