image
Հրատապ լուրեր:

Թեհրանի առաջին հակահարուածը. 15 Հրթիռներ ամերիկեան դիրքերու վրայ

Թեհրանի  առաջին  հակահարուածը. 15   Հրթիռներ   ամերիկեան  դիրքերու  վրայ

  Երէկ գիշեր առաջին հակահարուածը տալով    Թեհրան   15 հրթիռներ արձակեց Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան    զօրակայաններու ուղղութեամբ։

 

 Ըստ  նախնական տուեալներու   հրթիռները ինկած են Իրաքի  «Այն ալ  Ասատ»  զօրակայանին, ինչպէս նաեւ Իրպիլ  քաղաքի   օդակայանին   մերձ  գտնուող   զօրակայանի մը  վրայ։

 

 Կը հաղորդուի  նաեւ, որ     հրթիռներուն հետեւանքով    վիրաւորուած են     ամերիկացի  30  զինուորներ,  մինչ  իրանեան կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ  զոհուած են  80  ամերիկացի  զինուորականներ։

 

 

  Նշենք, որ     ներկայացուած    լուրը   տակաւին նախնական է եւ առաջիկայ   ժամերուն  պատկերը  աւելի յստակ  պիտի դառնայ։