ԱՄՆ- Թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամ նոր հատոր մը հրապարակած է: Նշենք, որ հատորին պատրաստութեան մէջ դեր ունեցած է թուրք յայտնի մտաւորական Ումութ Քիւրտ:Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ հայանպաստ իր խիզախ կեցուածքներով յայտնի Աքչամ նման հատոր մը հրապարակ կը հանէ: Սոյն գիրքով երկու թուրք պատմաբանները կը փորձեն լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին կրած նիւթական վնասները: Հատորին նախաբանը գրած է ամերիկացի մտաւորական ՝ Էրիք Ուայթցը: