Ճարապլուսի քրտական ջոկատներու զինուորական առաջնորդը սպաննուեցաւ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ յայտնեցին, որ երկու զինեալներ կրակ բացին խմբաւորման ղեկավար Ապտուլսահըտ Ալ Թէնթի վրայ: Վիրաւորեալ առաջնորդը տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր բժիշկներ փորձած են փրկել վերինիս կեանքը, բայց չեն յաջողած: Ըստ «Տէմոքրաթհապէր» կայքին, քիւրտ զինուորական պատասխանատուն սպաննուած է թրքական ՄԻԹ-ի երկու գործիչներու ձեռամբ, որոնք ձերբակալուած են Ճարապլուսի մէջ: