image

Ճարապլուսի քրտական ջոկատներու առաջնորդը սպաննուեցաւ

Ճարապլուսի քրտական ջոկատներու առաջնորդը   սպաննուեցաւ

Ճարապլուսի  քրտական ջոկատներու զինուորական առաջնորդը   սպաննուեցաւ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ յայտնեցին, որ երկու  զինեալներ կրակ բացին խմբաւորման ղեկավար  Ապտուլսահըտ Ալ Թէնթի վրայ: Վիրաւորեալ   առաջնորդը  տեղափոխուած է  հիւանդանոց, ուր   բժիշկներ  փորձած են փրկել վերինիս կեանքը, բայց    չեն յաջողած:   Ըստ  «Տէմոքրաթհապէր»  կայքին, քիւրտ զինուորական պատասխանատուն  սպաննուած է   թրքական  ՄԻԹ-ի երկու գործիչներու  ձեռամբ, որոնք     ձերբակալուած են Ճարապլուսի մէջ: