image

Տաւուշի մէջ արկած. Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանին զինուորներուն վիրաւորումները աննշան են

Տաւուշի մէջ արկած. Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանին զինուորներուն վիրաւորումները աննշան են

Տաւուշի մարզի մէջ, այսօր՝ 23 օգոստոսին վթար տեղի ունեցած է. ժամը 03:30-ի մօտերը, Բաղանիս գիւղի մերձ տեղակայուած զօրամասին մօտ զինուորական  փոխադրակառքը շրջուած է: Այս մասին  գրած է  «Շամշեան»  կայքը, յայտնելով նաեւ, որ արկածին հետեւանքով գրանցուած են  տասնըմէկ  վիրաւորներ, որոնք բոլորն ալ պայմանագրային զինծառայողներ են:

Աւելի ուշ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը կտրականապէս  հերքած է «Շամշեան» կայքի փոխանցած  լուրերը եւ այս մասին գրառում մը կատարած։ 
 Յովհաննիսեան մասնաւորապէս գրած է. «Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի վթարի կապակցութեամբ ներկայացնեմ, որ որեւէ զինծառայող որեւէ լուրջ վնասուածք չէ ստացած: Շամշեանին ալ Պաքուէն շնորհակալութիւն կը յայտնեն՝ վթարի մանրամասներու, զինծառայողներու անձնական գրեթէ ամբողջական տեղեկատւութեան համար»: