Տաւուշի մարզի մէջ, այսօր՝ 23 օգոստոսին վթար տեղի ունեցած է. ժամը 03:30-ի մօտերը, Բաղանիս գիւղի մերձ տեղակայուած զօրամասին մօտ զինուորական փոխադրակառքը շրջուած է: Այս մասին գրած է «Շամշեան» կայքը, յայտնելով նաեւ, որ արկածին հետեւանքով գրանցուած են տասնըմէկ վիրաւորներ, որոնք բոլորն ալ պայմանագրային զինծառայողներ են:
Աւելի ուշ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը կտրականապէս հերքած է «Շամշեան» կայքի փոխանցած լուրերը եւ այս մասին գրառում մը կատարած։
Յովհաննիսեան մասնաւորապէս գրած է. «Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի վթարի կապակցութեամբ ներկայացնեմ, որ որեւէ զինծառայող որեւէ լուրջ վնասուածք չէ ստացած: Շամշեանին ալ Պաքուէն շնորհակալութիւն կը յայտնեն՝ վթարի մանրամասներու, զինծառայողներու անձնական գրեթէ ամբողջական տեղեկատւութեան համար»:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ