Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «The National» թերթը յայտնած է, որ Իրան կրկնապատկած է «Հըզպալլա»ի տրամադրուող նիւթական օժանդակութիւնը, որ ներկայիս կը կազմէ տարեկան 700 միլիոն տոլար:
Աղբիւրին համաձայն, նշուած թիւը 3 անգամով կը գերազանցէ անցեալին Իրանի կողմէ «Հըզպալլա»ին տրամադրուած օժանդակութիւններու չափը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ըստ Ուաշինկթընի, Իրանի Կեդրոնական դրամատունը «Հըզպալլա»ին օժանդակող գլխաւոր կառոյցն է, իսկ դրամատան ղեկավար Ուալի Ալլահ Սայֆ ԱՄՆ-ի կողմէ ընդգրկուած է ահաբեկիչներու ցուցակին մէջ:
Թերթը շեշտած է նաեւ, որ իրանեան օդանաւի ընկերութիւններն իրենց օդանաւերով զինեալներ եւ տարբեր տեսակի օգնութիւններ կը տեղափոխեն Սուրիա, նպատակ ունենալով օժանդակել նախագահ Ասատին: