image

Տահէշը Պելճիքայի Մէջ. «Հաշիշ», «Մութ Խմարաններ» Եւ Ահաբեկչութիւն

Տահէշը Պելճիքայի  Մէջ.   «Հաշիշ», «Մութ  Խմարաններ»   Եւ   Ահաբեկչութիւն

Պէլճիքա-(«Շարըք Ալ Աուսաթ»- Լոնտոն) «Տահէշ»   ահաբեկչական խմբաւորման  անդամներուն  կարեւոր  մասը  թմրամոլներ են: Այս մասին կը գրէ «Շարք Ալ-Աուսաթ» պարբերականը, նշելով, որ թմրամոլներու եւ  թմրանիւթի առեւտուրով   զբաղողներուն  համար ձեռնտու է  անդամակցիլ «Տահէշ»ին: Աղբիւրը , որպէս օրինակ նշած է երկու անուններ, որոնցմէ մին   անցեալ նոյեմբերին Փարիզի պայթումները կազմակերպող  հիմնական մեղադրեալ Սալահ Ապտ ալ-Սալամն է, որ   եղած է Պելճիքայի Մոլինպիք շրջանին   մէջ    գործող   գարեջրատան մը այցելուն:  Ապտըլ Սալամ  Պրիւքսէլի մէջ, միասեռականներու յատուկ խմարաններու հիմնական այցելուներէն եղած է, ուր զբաղած է թմրանիւթ օգտագործելով: Ինչպէս աղբիւրը կը նշէ, այդ խմարաններէն է, որ  շատ մը երիտասարդներ կ'ուղղուէին դէպի Սուրիա՝ «Տահէշ»ի մօտ զինավարժութեան մասնակցելու:  Երկրորդ անունը, որ կը յիշէ «Շարք Ալ  Աուսաթ»՝ Պելճիքայի քաղաքացի Ապըտ Ալ  Համիտ Ապաուտն է  ծագումով՝ մարոքցի: Ան  ճանչցուած է, որպէս «Տահէշ»ի  ամենակատաղի  դահիճներէն  մին, որ  2014-ին 13 տարեկան եղբայրը  Սուրիա տարած էր: Ապա Հուտի    անչափահաս եղբայրը աւելի  ուշ ճանչցուած է որպէս Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին «ամենափոքր ահաբեկիչ»ը: Աղբիւրին համաձայն, կազմակերպութիւնը իր թմրանիւթի առեւտուրին մէջ մեծապէս կ'օգտուի Սպանիոյ իշխանութեան տակ գտնուող Սապթա եւ Մալիլա քաղաքներէն, որոնք կը նկատուին թմրանիւթի առեւտուրի հիմնական կեդրոններ: Սապթա քաղաքը նաեւ կը համարուի ծայրայեղական խմբաւորումներու տուն: Սպանիոյ անվտանգութեան մարմինները այս մասին նշած են, որ իրենց հետաքննութիւններու համաձայն այս խումբերու թմրանիւթերու աղբիւրը Մարոքն է, եւ որու վաճառքի հասոյթը կը տրամադրուի ծայրայեղական «Տահէշ»ի ֆինանսաւորման: Սպանիոյ ոստիկանութեան հետաքննութիւնները փաստած են նաեւ, որ ծայրայեղական խմբաւորումները Լատին Ամերիկայէն նոյնպէս քոքային կը փոխադրեն, զայն Մարոքի ճամբով  դէպի Սպանիա հասցնելով, եւ  գործարքներուն  ամբողջ եկամուտը կը տրամադրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պատերազմող խմբակներուն: Այս թմրապիզնէսի գումարները ծայրայեղականներուն հասցնելու ծառայած են  Սպանիոյ  մէջ  գործող մսավաճառները եւ  ուտեստեղէնի վաճառքի խանութները, ուրկէ գաղտնի խողովակներով այդ գումարները կը հասնին Միջին  Արեւելք: Աղբիւրին համաձայն «Տահէշ»ի մաս կազմող ահաբեկիչները կ'օգտագործեն «Շապու» կամ «Քրիսթըլ Միթ» անունով  յայտնի  թմրանիւթերը, որուն օգտագործողը զառանցանք կ'ապրի, լսելով եւ տեսնելով գոյութիւն չունեցող բաներ: Անոր օգտագործման կողմնակի ազդեցութիւններն են՝ չափազանց ջղայնութիւնն ու զգայախաբութիւնը եւ զօրաւոր թշնամանք, որ կը մղէ սպաննութեան կամ նոյնիսկ անձնասպանութեան: Անոնք կը նկատուին ամենավտանգաւոր թմրանիւթի տեսակներէն, նկատի ունենալով  անոնց կախեալութիւնէն բուժուելու դժուարութիւնը, ինչպէս նաեւ ենթական մինչեւ    անձնասպանական  գործողութիւն «առաջնորդուիլը»: