Աքքար- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Ամերիկեան անվտանգութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Լիբանանի հիւսիսային շրջանը՝ ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակի հետախուզական մարմիններուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ այցելութեան դրդապատճառը եղած է յատկապէս այս շէջանին մէջ «Իսլամական Պետութեան» կողմէ պատրաստուող ապագայ մարտերու մտավախութիւնը: «Ժատիտ» նաեւ կը յայտնէ, որ հակառակ «իսլամական Պետութեան» վերջին շրջանին կրած բոլոր վնասներուն, անոր աչքը ներկայիս Լիբանանի վրայ է: Անվտանգութեան աղբիւրներու համաձայն, նման մտավախութիւններու պատճառը կարգ մը տուելաներու բացայայտումն է այն մասին, որ «Տահէշ» որոշած է վերականգնել Հիւսիսի մէջ իր բջիջներու շարժումը, նպատակ ունենալով շրջանի մէջ կարգ մը աւաններ իր հսկողութեան տակ առնելով՝ դէպի ծով իրեն անցք ապահովել:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հակառակ ներկայիս Արսէլի մէջ տիրող բախումներուն համեմատած՝ հիւսիսային գիւղերուն մէջ տիրող հանդարտութեան, այնուամենայնիւ արեւմտեան եւ լիբանանեան անվտանգութեան մարմինները մտավախութիւններ ունին Աքքարի մէջ սպսուած ճակատամարտէ: Այս մտավախութիւնները առաւել եւս կը հաստատուին նկատի ունենալով անվտանգութեան մարմիններու կողմէ օրական նուազագոյնը «Տահէշ»ի հետ կապուած մէկ անձի ձերբակալութիւնը, որոնք քնացած բջիջներ կը պատրաստեն շրջանին մէջ, զանոնք որեւէ պահու գործի դնելու պատրաստակամութեամբ: