Պոլսոյ պատրիարարքարանի մէջ եղած դռնփակ ժողովին արդիւնքով Տ. Գարեգին արք. ՊԷքճեան ընտրուած է տեղապահ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն:
Յիշեցնենք, որ այսօրուան նիստը գոյացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ շաբաթներ առաջ ձեռք բերուած համաձայնութեան շնորհիւ:
Տեղապահութեան երեք թեկնածուներն էին ՝ Տ. Սահակ, Տ. Գարեգին եւ Տ. Արամ սրբազան հայրերը:
Տ. Սահակ սրբազան օրեր առաջ յայտարարած էր, թէ յետս կը կոչէ տեղապահի պաշտօնին իր թեկնածուութիւնը կրօնաւոր դասուն խորհուրդ տալով քուէարկել ՝ ի նպաստ Տ. Գարեգին սրբազանին:
Այսօր արդէն տեղապահութեան պաշտօնը ստանձնած Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանին հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ համընդհանուր ճիգերով եւ համայնքի լայն շրջանակներու օգնութեամբ պատրաստել Պոլսոյ յառաջիկայ Պատրիարքի ընտրութիւնը:
Պոլսոյ դարաւոր աթոռին հասնող Պատրիարքը պիտի ըլլայ Պոլսահայոց ազգընտիր 85-րդ Պատրիարք: