«Նոր Ջուղայի թեմէն ներս Վեհափառ հայրապետի որոշումին մասին ժխտական մթնոլորտ մը չկայ» «Արեւելք»ին յայտնեց Նոր Ջուղայի մօտ գտնուող Շահինշահր համայնքի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան: Հայր Սուրբը նաեւ նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Հայր Սիփան Վրդ. Քէչէճեանը Նոր Ջուղայի առաջնորդական տեղապահ նշանակելու համար համայնքէն ներս ընդունուած է բնականոն կերպով եւ համայնքի անդամներ կը սպասեն տեղապահ հայր սուրբին հետ առաջին հանդիպման, որ պիտի կայացուի յառաջիկայ օրերուն: Նշենք, որ «Արեւելք»ի Անթիլիասի մօտիկ աղբիւրներ աւելի վաղ տեղեկութիւններ հաղորդած էին այն մասին, որ Նոր Ջուղայի տարբեր շրջանակներ կը պատրաստուին բողոքի քայլեր կատարել Վեհափառ Հայրապետի կողմէ եղած կարգադրութեան դէմ: Այս առումով էր նաեւ, որ յարմար նկատեցինք կապ հաստատել Տ. Անանիա Ծ. Վրդ.ին հետ, բաւարար լուսաբանութիւններ ստանալու համար տուեալ խնդրին շուրջ: Նոյն առումով «Արեւելք» բարի եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն կը մաղթէ նորանշանակ առաջնորդական տեղապահին: